2008-10-21 13:41:19

Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կը հրաւիրէ բժիշկները յարգելու հիւանդները ու պաշտպանելու հիւանդին արժանաւորութիւնը։


Երկուշաբթի օրը ընդունելով վիրաբուժութեան իտալական ընկերակցութեան 110-րդ գիտաժողովին մասնակցողները, շուրջ 300 բժիշկներ, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք չգործածել հիւանդները որպէս

լոկ բուժելիք անհատներ։ Սրբազան Հայրը մաեւ շեշտը դրաւ հիւանդ անհատի արժանաւորութիւնը։ Նոյնպէս նորին սրբութիւնը ընդգծեց հարկաւորութիւնը մարդկայնացնելու բժշկութիւնը։ Երբ բուժումը կարելի չէ, ըսաւ ան, շատ բան կարելի է ընել, ինչպէս ամոքել ցաւը, ընկերանալ հիւանդին բարւոելով կարելիին չափով անոր կեանքի որակը։ Ապա Սրբազան Հայրը կոչ ըրաւ վիրաբուժերուն որ առանձին չթողուն հիւանդը անբուժութեան պարագային. դուք մեծ ազդեցութիւն ունիք հիւանդին վրայ եւ այս պատճառաւ կանչուած էք զանոնք յարգելու եւ յոյս ներշնչելու անոնց կեանքի բարւոքումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.