2008-10-21 13:49:08

Մետվետեւի պաշտօնական այցը Հայաստան


Երէկ սկիզբ առաւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան։ Այցելութեան շրջագիծին մէջ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ռուս պաշտօնակիցը Տմիթրի Մետվետեւ բանակցեցան որուն աւարտին փաստաթուղթեր ստորագրուեցան փոխադարձ համագործակցութեան մասին։ Այսօր երկու երկիրներու նախագահները կը մասնակցին Երեւանի մէջ Ռուսիոյ հրապարակի հանդիսաւոր բացման արարողութեան որը կը գտնուի Մոսկուայի տան դիմաց։ Իր այցելութեան ընթացքին Մետվետեւ պիտի այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը ուր ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ յուշակոթողին առջեւ եւ ծառ պիտի տնկէ յիշողութեան ծառուղիին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.