2008-10-21 13:48:37

ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼՈՎ ԻՐԱՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄԸ՝ ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԷ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ


Իրաքի կար մը շրջաններուն, յատկապէս Մուսուլ քաղաքին մէջ վերջին շրջանին տեղացի քրիստոնեաներուն դէմ ի ործ դրուած վայրաութիւնները դատապարտելով՝ Արամ Ա կաթողիկոս կոչ ուղղեց Իրաքի կառավարութեան՝ ճի չխնայել կասեցնելու բռնարարքները։ Իր կոչին մէջ վեհափառը յատկապէս կը շեշտէ, որ երկար դարեր Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներ եւ իսլամներ փոխադարձ յարանքով ու սիրով ապրած են, հետեւաբար այս երեւոյթը անընդունելի է։ Միջին Արեւելքը բնօրրանը ըլլալով քրիստոնէութեան, քրիստոնեաները համահաւասար քաղաքացիներ են իրենց ապրած բոլոր երկիրներուն մէջ, եւ մաս կը կազմեն համայնքային ու պետական բոլոր կառոյցներուն։ Վստահ ենք, որ Իրաքի կառավարութիւնը անհրաժեշտ միջոցներուն պիտի դիմէ առաջքը առնելու քրիստոնեաներուն նկատմամբ այս անպատասխանատու արարքներուն, կը նշէ վեհափառը։

Վեհափառը այս օրերուն Ժընեւի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ միջազային համաումարի մը իր մասնակցութիւնը բերելով սոյն դատապարտումը կատարեց՝ միաժամանակ հրաւիրելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, որ նման դատապարտումի յայտարարութեամբ իր կեցուածքը արտայայտէ այս հարցին առնչութեամբ։



Ժընեւ - Քրիստոնեայ-իսլամ միջազային համաումարին ընթացքին, Ժընեւի մէջ, Արամ Ա կաթողիկոս հանդէս եկաւ իբրեւ լխաւոր բանախօս։ Քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց ապաան ընդհանուր խորաիրը կրող համաումարին մասնակցեցան կրօնաւորներ, համալսարանի դասախօսներ եւ նիւթին հետ առնչուած յանձնախումբերու մէջ ործող մասնաէտներ։

Վեհափառին դասախօսութիւնը բաժնուած էր չորս լխաւոր մասերու

-ա Կրօնի ըմբռնումը եւ շահաործումը ընդհանրապէս,

-բ Քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց յատկանշական երեսները,

- Քրիստոնեայ-իսլամ հաւաքական կեանքի ամրապնդումը հասարակաց արժէքներու վրայ,

- դ Ուղեիծ միջեկեղեցական շարժումին եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին՝ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց ծով։

Վերոյիշեալ բաժինները համապարփակօրէն ներկայացնելով՝ վեհափառը վերլուծեց քրիստոնեայ-իսլամ ոյակցութեան կեանքը եւ ցոյց տուաւ զայն աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու միջոցները։ Արամ Ա կաթողիկոս շեշտեց փոխադարձ վստահութեան, յարանքի եւ հանդուրժողութեան երեւոյթները, որոնք ներկայ աշխարհի միջ կրօնական ու քաղաքական երկխօսութիւններուն համար հիմնական մարտահրաւէրներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.