2008-10-21 11:28:32

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Ընդմիջումը Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին


Ընդմիջումիս սկիզբը հարկ է հաստատել, որ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչով աւետարանուած Հայ Եկեղեցին՝ ծնունդ առաւ 301 թուականին, երբ ըստ աւանդութեան քրիստոնէութիւնը որդերուեցաւ իբրեւ պետական կրօնք Հայաստանի մէջ։ Այն ժամանակաշրջանին, Հայոց Այբուբենը գոյութիւն չ՛ունէր եւ Աստուածաշնչային ընթերցումները կը հռչակուէին յունական կամ ասորական լեզուներով։ Հետեւաբար հանդիսապետը պէտք էր զանոնք թարմանէր հայերէնի։ Այս բանը կը դժուարացնէր Աստուծոյ Խօսքին ըմբռնումը նորադարձ հայերուն, որմէ ծաեցաւ աղափարը հնարելու յատուկ իրեր թարմանելու համար Աստուածաշունչը ժողովուրդին լեզուով։

Այս մէկը իրականացաւ շնորհիւ Մեսրոպ անունով վարդապետի մը, որուն խանդավառեցին եւ նեցուկ կաննեցան Եկեղեցւոյ եւ պետութեան բարձրաստիճան պետերը՝ Սահակ Կաթողիկոս եւ Վրամշապուհ թաաւոր։ Մեսրոպ ործի լծուեցաւ եւ 406 թուին հնարեց Հայոց Այբուբենը։ Առաջին թարմանուած իրքը եղաւ Աստուածաշունչը, Եօթանասնիցէն, ապա կարը եկաւ եկեղեցական այլ րքերու որոնք ճանչցուած էին այդ շրջանին։

Կրնանք հաստատել, որ Աստուածաշունչի հայերէնի թարմանութենէն ետք, Ս Գիրքը ստացաւ իւրայատուկ կարեւորութիւն Հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Իր օտաշատ եւ դրակայն ազդեցութեամբ ի յայտ բերաւ նոր մտածելակերպ եւ նոր շունչ հաւատացեալներուն եւ մտաւորականներուն մօտ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս։

Ե դարէն մինչեւ ԺԸ դար, Հայ Եկեղեցին ունեցաւ Աստուածաշունչի զանանզան մեծահամբաւ մեկնաբաններ, որոնցմէ նշենք՝ Ս Գրիգոր Նարեկացին (ԺևԺԱդար), Ս Ներսէս Շնորհալի (ԺԲ դար) եւ Ս Ներսէս Լամբրոնացի (ԺԲ դար)։ Անոնք դրոշմեցին եկեղեցական րականութիւնը յաջորդող դարերէն մինչեւ օրս։

Ե դարէն մինչեւ Ի դար, Հայ ժողովուրդը յանուն Քրիստոնէական հաւատքին ապրեցաւ բազմաթիւ հալածանքներ։ Ամէնէն նշանաւորը, եւ որուն նահատակները ամէն տարի կը յիշատակուին, Սրբոց Վարդանանցն է 451 թուին, երբ Պարսից թաաւոր Հազկերտ Բ ուզեց խլել Քրիստնէական կրօնքը Հայ ժողովուրդէն եւ անոր պարտադրել մազտէականութիւնը՝ կրակի կրօնքը։ ՍՂեւոնդ քահանան կը յորդորէր զինուորները հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին, իրենց ըսելով Ձեր մէջէն շատեր կը ճանչնան Ս Գիրքը մանկութենէն ի վեր։ Ուստի այս դիւցազներութեան հեղինակը Եղիշէն՝ կը յայտնաբերէ Հայ ժողովուրդի կապուածութիւնը Աւետարանին ըսելովԻնչպէս կարելի չէ խլել մորթին ոյնը, այնպէս ալ ոչ ոք կրնայ մեզմէ խլել Քրիստոսի հաւատքը։

Ե դարէն սկսեալ տարբեր րողներ կը վկայեն թէ Հայ ժողովուրդին մէջ կը տնուէին անհատներ, որոնք անիր կը ճանչնային սաղմոսարանը, որոնցմէ ոմանք կը վկայեն Մեր Հայրերը իշեր ու ցերեկ իրենց ժամանակը կ՛անցնէին Ս Գիրքը ընթերնելով, ինչ որ կ՛ամրապնդէր պատուիրաններու պահպամումը եւ բարի օրինակ կը դարձնէր իրենց շրջապատին։ Ուրիշ վկայութիւն մը այս ծիրէն ներս1915-ի Ցեղասպանութիւնն է։ Երբ ընտանիքներ կը տեղահանուէին իրենց իւղերէն եւ տուներէն եւ խմբովին կը բանտարկուէին նկուղներու, սրահներու ու եկեղեցիներու մէջ, հաւատացեալներ իրենց վերջին իշերը կ՛անցնէին աղօթելով առ Աստուած, ընթերնելով պարբերութիւններ Աւետարանէն, որ վեջին ճանապարհորդութեան արժէքաւոր սնունդն էր տառապեալ հայ մօր։

Առանց երկմտութեան կարելի է եզրակացնել, որ Հայոց Գիրերու գիւտը 406 թուին առաջնահերթ նպատակ ունէր Հայ ժողովուրդին աւետարանացումը։ Այս աւետարանացումը փրկեց միշտ վտանուած Քրիստոնեայ հաւատքը, ինչպէս 451 թուին ( երբ Աստուածաշունչը նոր թարմանուած էր) եւ յաջորդ դարերուն։ Աստուծոյ Խօսքը զօրավի կաննեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին իր ցաւալի պատմութեան ընթացքին եւ ներշնչեց ամբողջ Հայ մշակոյթը դարերու ընթացքին։ Աստուծոյ Խօսքը շարունակաբար առաջնորդած է քրիստոնեաներու կեանքը Հայաստանի մէջ։

Այս թանկարժէք հարստութիւնը որ կը ներկայացնէ Ս Գիրքը, ինչպէս նաեւ օրինակելի կեանքը մեր նախահայրերուն, աւելի կը խանդավառեն նոր սերունդը վերադառնալու Կեանքի Խօսքին։

Թող այս մէկը Սիւնհոդոսի որոշումներու հունձքը հանդիսանայ։Այսօրուան հաղորդումին գլխաւոր լուրերը








All the contents on this site are copyrighted ©.