2006-05-18 07:21:52

լուրեր հայ աշխարհէն


24ԱՊՐԻԼԸ ՀՌՉԱԿԵՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄԻ ՕՐ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ մէջ

Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլին, Պուէնոս Այրէս նահանի մայրաքաղաք Լա Փլաթայի մէջ Նահանային երեսփոխանական ժողովը 24 Ապրիլը հռչակեց 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան յիշատակման օր։ Կը մնայ, որ այս որոշումը ուսումնասիրէ Նահանային ծերակոյտը եւ ապա՝ նահանապետ Ֆելիփէ Սոլա, որպէսզի օրէնքը հռչակուի։

Հարկ է նշել, թէ երեսփոխաններու նիստին ներկայ տնուեցան հայ աղութի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական վարժարաններու աշակերտներ։

 

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻԽԱՉԵԼՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒԹԻ

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄը՝ ՓԱՈՒԸՐ ՓՈՅՆԹՈՎ

 Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքի եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան, երէկ՝ Ուրբաթ, 5 Մայիս 2006, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Հ Կ Մի Արարատեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած ձեռնարկ մը։

Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անունով Մարալ Աթէշեան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին բազմաթիւ նահատակներ տուած է, որպէսզի պահէ իր հաւատքը, եւ իբրեւ վերապրած ժողովուրդ կը ոյատեւէ՝ իր հետ ապրեցնելով հայ իրն ու մշակոյթը։

Ապա ան հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք կենսարականը օրուան պատամաբեր հայր Ղեւոնդ վրդ Քենտիրճեանի, հրաւիրեց զինք, որպէսզի սահիկներու (փաուըր փոյնթ) միջոցով ներկայացնէ Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդի խաչելութիւնն ու յարութիւնը նիւթը։

Հայր Ղեւոնդ վրդ Քենտիրճեան բացատրեց, թէ այս աշխատանքը կատարելու աղափարը ունեցած է, երբ Ապրիլ 24ի առիթով, Հալէպի մէջ բնակած ատեն, մէկ պարկ աճիւն կապած է խաչին վրայ։ Հետեւաբար հայ ժողովուրդին տանջանքը, տառապանքը եւ ցաւը կը միանայ Քրիստոսի խաչելութեան հետ։

Շարունակելով իր խօսքը ան խաչը նմանցուց հաւատքին, խաչելութիւնը՝ անվերջ կոտորածներուն եւ բռնաաղթերուն, մարտիրոսացումը՝ հայ ժողովուրդի պայքարի նուիրական էջերուն, յարութիւնը՝ Եղեռնէն ետք վերապրելու կամքին, վերածնունդը՝ Անկախ Հայաստանի եւ Արցախի։

Այնուհետեւ ան հանրուան առ հանրուան ներկայացուց Քրիստոսի խաչելութիւնը՝ զայն բաղդատելով հայութեան ապրած տառապալից օրերուն հետ։ Ան նկատել տուաւ, թէ Քրիստոսի յարութիւնը երաշխիքն է հայու յարութեան։ Շնորհիւ հայ ժողովուրդի պայքարին եւ հայ հերոս ֆետայիներու աներազանցելի զոհողութիւններուն, ունեցանք ազատարուած հող՝ մեր հայրենիքին մէջ եւ Եռաոյնը ծածանեցաւ ՄԱԿի շրջափակին մէջ։

Եզրափակելով իր խօսքը, վարդապետը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին սիրելու զիրար՝ աճեցնելով միութեան եւ եղբայրութեան ոին։ Ան հրաւիրեց բոլորը միակամ, միաշունչ եւ միախորհուրդ ործելու յանուն Հայ Դատին, հայութեան արդար իրաւունքներուն, Հայաստանի ծաղկման եւ Արցախի պահանջատիրական պայքարի յաջող ելքին։

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարք։ Ան խօսքը ուղղելով առաւելաբար համալսարանականներուն, ուսանողներուն եւ երիտասարդներուն, հրաւիրեց զանոնք ներշնչուելու նահատակներուն տառապալից կեանքէն եւ մահէն, եւ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու անոնց սրբազան կտակին։ Հոեւոր տէրը նկատել տուաւ, որ ամբողջ աշխարհը վկայ է հայութեան հրաշափայլ յարութեան, եւ իբրեւ նոր սերունդ եւ նոր յոյս համալսարանականներուն յանձնարարեց աւելի եւս արժեւորել այդ յարութիւնը եւ բարաւաճ դարձնել այդ յարութեամբ հայութեան պարեւուած կեանքը։

Եզրափակելով իր խօսքը, ան յատուկ կերպով շնորհաւորեց հայր Ղեւոնդ վրդ Քենտիրճեանը, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութիւնը, այս ձեռնարկին կազմակերպման համար։

Գեղարուեստական բաժինով Յակոբ Այնէճեան ներկայացուց Արմէն Մովսիսեանի Զինուորի մահը, եւ Արտաաղթը երերը՝ կիթառի ընկերակցութեամբ Միհրան Այնէճեանի։

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցա

 








All the contents on this site are copyrighted ©.