2006-05-03 13:45:49

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԱՍՈՐԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ


Կազմակերպութեամբ Աշուրիական, Քաղդէական ու Ասորական Միութեան, Լիբանանի Հըքմէ վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական եւ Ասորական ցեղասպանութիւններուն նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը։ Լիբանանեան քայլերին ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Թուրքիոյ ոճրային քաղաքականութիւնը եւ հայ ու ասորի ժողովուրդներուն դէմ ործադրուած ցեղասպանութիւնները։ Տեսաերիզի աւարտին նաեւ ցուցադրուեցաւ վերապրողի մը վկայութիւնը, որ կը յուշէր անցեալի ողբալի օրերն ու անմարդկային ոճիրները։ Ասորի կաթողիկէ համայնքի Ինատիոս Պութրոս Ը Ապտէլ Ահատ պատրիարքին անունով խօսք առաւ Անթուան Պէյլունի եպիսկոպոս, որ շեշտեց, թէ պէտք է արթնցնել մարդկային խիղճը, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկային կասեցնել այլ ցեղասպանութիւններու կայացումը։  Պէյլունի եպիսկոպոս նաեւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, որ ճանչնայ զոյ ցեղասպանութիւնները՝ վերադարձնելով րաւուած հողերը իրենց իսկական տէրերուն։ Ապա ճարտարարուեստի նախարար Փիեռ Ժեմայէլի անունով իր պատամը փոխանցեց Անթուան Ռիշա, որ նախ հարցուց, թէ ինչո՞ւ մարդկային իրաւունքներու օրէնքներ ոյութիւն ունին, երբ անդին տակաւին կը շարունակուին անմարդկային արարքներն ու ոճիրները։ Ան հաստատեց, թէ Թուրքիոյ մէջ պէտք է յարուին փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները, որոնք երէկ եւ այսօր շարունակ տարբեր տեսակի ճնշումներու դէմ յանդիման կը տնուին։ Անթուան Ռիշայի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ երեսփոխան Յակոբ Բարատունի, որ թուելէ ետք մարդկային ընկերութեան մէջ տեղի ունեցած անմարդկային ոճիրները՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն մինչեւ Կանայի ջարդն ու Իրաքի մէջ անմեղ զոհերու իրավիճակը, ըսաւ, որ նահատակը նահատակ է եւ նահատակութեան աղափարը մէկ է, եթէ նոյնիսկ կը տարբերին ազերը, հայրենիքները, ոյները, համայնքներն ու կուսակցութիւնները։

Ան նշեց, թէ Ապրիլ ամիսը անցեալի ու ներկայի նահատակներու օրն է։ Այսօր մենք մեր նահատակներուն յիշատակին առիթով կը պահանջենք արդարութիւն եւ իրաւունք, Օսմանեան կայսրութեան իրաւական ժառանորդէն կը պահանջենք ցեղասպանութեան ճանաչում եւ կը պահանջենք, որ ան հաշտուի իր պատմութեան հետ, ուրացման քաղաքականութիւն որդերելու փոխարէն, դիտել տուաւ Բարատունի։

Յակոբ Բարատունի ակնարկելով քանի մը օր առաջ Թրիփոլիի մէջ ժամացոյցի հրապարակին վրայ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի անունի արձանարման հարցին, մտահոութիւն յայտնելով ըսաւ, որ դժբախտաբար այդ որոշումին պահուն նոյնիսկ չեն յարուած նահատակներ տուած ժողովուրդներուն զացումներն ու կարծիքները։

Բարատունի հաստատեց, թէ պահանջատիրական պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ երեւան այ իրականութիւնը եւ ցեղասպանը ճանչնայ իր ոճիրը, որպէսզի կանխարիլուի ոճիրին կրկնութիւնը՝ արելք հանդիսանալով նոր Հիթլէրի մը ստեղծման, որ օրին ըսած էր Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերուն ջարդերը։

Յիշատակի ձեռ

նարկին աւարտին Աշուրիական, Քաղդէական ու Ասորական Միութեան նախաահ Իպրահիմ Մըրատ շեշտեց, թէ ցեղասպանութիւններու ճանաչման ործընթացին անպայմանօրէն պէտք է յաջորդէ հատուցումը՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա պէտք է դադրի շրջանին մէջ ոյութիւն ունեցող փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ թշնամանքի քաղաքականութիւն վարելէ։ Մըրատ ըսաւ, որ մեր նահատակներու աճիւնները կը հանչին այն պահուն, երբ ցեղասպանութեան ենթարկուող ժողովուրդները կը ստանան իրենց արդար իրաւուքները եւ այն ատեն միայն կարելի կ'ըլլայ ընդունիլ Թուրքիոյ հետ հաշտութիւն հաստատելու աղափարը

 








All the contents on this site are copyrighted ©.